Արդյոք կարո՞ղ եք անցնել այս հեշտ թվացող թեստը

Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ Անանիա Շիրակացիի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր յունարէն լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ ( 385 − 388 ) թագաւորին արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի Գողթն գաւառը, ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է քրիստոնէական համայնքներ, եկեղեցական դասեր։
Շրջագայած է նաեւ Սիւնիքի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտաւորապէս 404-ին Միջագետքէն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ Սահակ Պարթեւի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։
420-422-ին մեկնած է Բիւզանդիա՝ Կոստանդնուպոլիս, հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է Մեծ Հայքի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։
Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ 431-439-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։
Կեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։